2015-04-15 14:21:00

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին այցելութիւնը Սարայեւօ` խաղաղութեան ճանապարհորդութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Bosnia եւ Erzegovina'' Պոզնիա մայրաքաղաքին մէջ, պաշտօնապէս ներկայացուեցաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սարայեւօ կատարելիք պաշտօնական այցելութեան յայտագիրը նախատեսուած յառաջիկայ 6 Յունիս 2015-ին։

Լրագրողներուն հետ միասին ներկայ էր մայրաքաղաքի թեմին առաջնորդը` կարդինալ Vinko Pulijc, առաքելական դեսպանը գերապայծառ Luigi Pezzuto, այցելութիւնը կազմակերպող կոմիտէի անդամներ ու պետական ներկայացուցիչներ ։

Քահանայապետութեան երկու տարիներուն ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապը կը պատրաստուի կատարել իր 8-րդ միջազգային ճամբորդութիւնը, ժամադրութիւններով խիտ եւ որ կ՛եզրափակուի բացօթեայ սուրբ պատարագով քաղաքի մարզադաշտին մէջ։

Միօրեայ կեցութեան ընթացքին նախատեսուած են 5 հանդիպումներ ''Խաղաղութիւնը ձեզի հետ թող ըլլայ'' բնաբանով։

6 Յունիսի ժամը 7,30-ին, Սրբազան Հայրը կը մեկնի Հռոմի Ֆիումիչինօ  միջազգային օդակայանէն եւ Սարայեւօ կը ժամանէ ժամը 9-ին։ Բարի գալուստի արարողութենէն ետք հանդիպում կ՛ ունենայ հանրապետութեան նախագահի ու երկրի իշխանութիւններուն հետ։

Կէսօրին` առաքելական դեսպանատան մէջ սիրոյ ճաշը կը բաժնեկցի տեղական եպիսկոպոսներուն հետ։ Յետմիջօրէին Սրբազան Հայրը կը հանդիպի  կղերական դասին հետ ու թեմական կեդրոնին մէջ հանդիպում կ՛ունենայ  երիտասարդներուն հետ ու կը մասնակցի համամիութենական ու միջ կրօնական աղօթքի հանդիպումին։ Ժամը 19,45-ին ողջերթի արարողութենէն ետք Նորին Սրբութիւնը կը վերադառնայ Հռոմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.